Նըժմէ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մարզիկներէն Մուսթաֆա Շամաա փոխ տրուեցաւ Շապապ Ղազիէին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Նըժմէի նոր մարզիչ Թարեք Ժարայա կրնայ մէկ կամ երկու այլ մարզիկ եւս փոխ տալ հարաւային Լիբանանի վերոնշեալ կազմին, անշուշտ խումբին հետ ամբողջական փորձեր կատարելէ եւ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով իր կազմը յստակացնելէ ետք: