Խրուաթ միջնապահ Մաթէօ Քովասիչ Ռէալ Մատրիտէն հեռանալով միացաւ լոնտոնեան Չելսիին, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
25 տարեկան ֆութպոլիստը հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:
Ան նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Չելսիին եւ անոր հետ կատարած 32 մրցում:
Քովասիչ չորս տարի առաջ Ինթեր Միլանէն միացած էր Ռէալ Մատրիտին: