Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում ունեցաւ եւրոպական 2-րդ խաղերու մետալակիր մարզիկներուն հետ:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորեց մարզիկները իրենց ձեռք ձգած այս յաջողութեան համար` անոնց մրցելոյթները գնահատելով յաջողակ:
«Ձեր յաջողութիւնները գալիք սերունդին համար պիտի ըլլան ոգեշնչման աղբիւր», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
Հանդիպումի աւարտին վարչապետը անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստութեան հանգրուանին գծով:
Իսկ մարզիկները շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչապետին` այս ընդունելութեան համար: