Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի ֆետերասիոնին խմբային եւ տարիքային 2019-ի ախոյեանութեան մրցումներուն Բ. հանգրուանը հասաւ իր աւարտին:
Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 18, 20 եւ 23 տարեկանէն վար դասակարգի, ինչպէս նաեւ 23 տարեկան եւ վեր դասակարգի մրցումները:
Բ. հանգրուանի այս մրցումներուն լիբանանեան հինգ նոր մրցանիշներ հաստատուեցան հետեւեալ մրցումներուն` 100 մեթր վազք, սկաւառակ նետել, 400 մեթր վազք, տասը հազար մեթր քալել եւ 4×100 մեթր վազք:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներու: