«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին պատրաստուող Ալաշկերտ հինգշաբթի, 4 յուլիսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին դէմ:
Հայաստանի բաժակակիրը իր այս մրցումը պիտի կատարէ հանրապետական մարզադաշտին վրայ, ժամը 18:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ զտումի Ա. հանգրուանին Ալաշկերտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մակեդոնիա Ֆ. Ք. խումբը (Մակեդոնիա):
Բարեկամական մրցումը նախապատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին համար: Արթուր Ոսկանեանի կազմը կը պատրաստուի 14-27 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրօ-2019-ի աւարտական հանգրուանի ախոյեանութեան: