Մարզական

«Պլեք Իկըլ» Ակումբը Կատարեց «Թեքուանտօ Լենտ – 2019»-ը

«Պլեք Իկըլ» Ակումբը Կատարեց «Թեքուանտօ Լենտ – 2019»-ը

Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, «Պլեք իկըլ» ակումբը կատարեց «Թեքուանտօ լենտ-2019»-ը իր կեդրոնին` Ֆրեր Ժըմէյզէ վարժարանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէի: Այս նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան ակումբին տարբեր մասնաճիւղերէն աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ աշակերտներ, որոնք ունին տարբեր գոյնի գօտիներ: Նախքան այս նախաձեռնութեան սկսիլը, Զարիֆէ գնահատեց ակումբի նախագահ, մարզիչներու յանձնախումբի նախագահ, կրանտմասթըր Ալեն Նաժըմը, որ մեծ աշխատանք կը տանի...

«Սենթըր Պէյրութ Սիմփոզիում»-ին Մէջ.  Անմաա Տամուր Ակումբը Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

«Սենթըր Պէյրութ Սիմփոզիում»-ին Մէջ. Անմաա Տամուր Ակումբը Տուաւ Մամլոյ Ասուլիս Մը

«Սենթըր Պէյրութ Սիմփոզիում»-ին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ) տրուած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Անմաա Տամուր ակումբը յայտարարեց, որ Տամուրի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամառնային մարզական իրադարձութիւն մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան վեց հարիւր մարզիկներ: Տեղի պիտի ունենան աւելի քան հարիւր մրցումներ` պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ` մասնակցութեամբ նաեւ շրջանի քաղաքներու եւ գիւղերու խումբերուն: Մամլոյ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Կարէն Խաչանով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 10-րդ, երէկ դուրս մնաց Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն, երբ Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 3-6, 6-7 եւ 1-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռոպերթօ Պաութիսթա Ակիւսթէն (Սպանիա, 23-րդ): 23 տարեկան Խաչանով իր այս պարտութիւնը կրեց 1 ժամ 54 վայրկեանի ընթացքին: Այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 38...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ – Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքական` 2-1

Եւրոպայի ֆութպոլի 2019-ի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին պատրաստուող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարեց ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանին պատրաստուող Հայաստանի բաժակակիր Ալաշկերտ Երեւանի դէմ: Սարգիս Շահինեանի եւ Վարդան Պետրոսեանի նշանակած կոլերուն շնորհիւ, Ալաշկերտ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հաւաքականին կոլը նշանակեց Գրենիկ Պետրոսեան: Վաղը` կիրակի, 7 յուլիսին,...

Պիւֆոն Վերադարձաւ Եուվենթուս Եւ Պիտի Կրէ Թիւ 77 Շապիկը

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Եուվենթուս, անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: 41 տարեկան բերդապահը, որ նախորդ տարեշրջանին մաս կազմեց Փարիզ Սեն Ժերմենին, յաջող քննութիւն կատարելէ ետք ստորագրեց ակումբին տոմարներուն վրայ: Սակայն ան հրաժարեցաւ ստանձնել խմբապետի պաշտօնը: Մինչեւ 2018 ան կը կատարէր այդ պաշտօնը: Ան փոխեց նաեւ իր շապիկին թիւը: Փոխան թիւ...

35 Տարեկան Ռոպեն Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Արժեն Ռոպեն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու, որոնց կարգին` Կրոնինկըն, ՓՍՎ Այնտհովըն, Պայէրն Միւնիխ, Ռէալ Մատրիտ, Չելսի: Ան նաեւ տիրացած է 29 տիտղոսի` տարբեր ակումբներու հետ:  

Անտեր Հերերա 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Անտեր Հերերա հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան անվճար միացաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախորդ յունիսին աւարտեցաւ անգլիական կազմին հետ: Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստը 2014-ին Աթլեթիքօ Պիլպաոյէն միացած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի: Վերջինիս հետ ան կատարած էր 189 մրցում եւ նշանակած 20 կոլ:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Քննարկուեցան` 2019-2020 Տարեշրջանին Գծով Հարցեր

Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց 2019-2020 տարեշրջանին վերաբերող հարցեր: Ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ եթէ Գ. դասակարգի ակումբները կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին (2019-2020), առաւելագոյնը մինչեւ երկուշաբթի, 8 յուլիս տեղեակ պէտք է պահեն ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հրապարակուեցան աղջկանց եւ տղոց ֆութսալի ախոյեանութեան թուականները: Ֆետերասիոնը որոշեց ամբողջութեամբ անջատել աղջկանց ֆութպոլը ֆութսալի մրցումներէն, բացի 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներէն:...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Նախագահ Վաչէ Ծատուրեան Այցելեց Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի

Երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Ռոպերթ Փաթափութեանի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի` նախարարութեան գրասենեակին մէջ: Ծատուրեան նախարարը տեղեակ պահեց, թէ ինչպէ՞ս կ՛ընթանան նախապատրաստական աշխատանքները 25-28 յուլիսին Ասիոյ հեծելարշաւի լեռնային (Մաութըն Պայք) 25-րդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու գծով: Քֆարզըպիանի մէջ (Քեսրուան) այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ նախարար Ֆընէյշի: Նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց...

Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի 25-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը` Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին

Ինչպէս ծանօթ է, Ասիոյ լեռնային («Մաութըն-պայք») հեծելարշաւի 25-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան) հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին: Այս ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնն է «Սքոթ»-ը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 16 երկիրները. Ճափոն, Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Մալեզիա, Թայլանտ, Թայփէ, Ղազախստան, Հնդկաստան, Օման, Քաթար, Վիեթնամ, Ֆիլիփեան կղզիներ, Հոնկ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Իր Կազմին Միացուց Անսարի Խմբապետը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Նըժմէի խմբապետ Հասան Մաաթուք միացաւ Անսարին: Այս քայլին ի պատասխան, երէկ Նըժմէ յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Անսարի խմբապետ Մուհթազ Ժընիտին: Այնպէս կը թուի, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` գործող ախոյեան Ահտի, Նըժմէի եւ Անսարի միջեւ:

Տըպուք Յայտարարեց, Որ Բանակցութիւնները Ձախողեցան Նըժմէի Հետ

Լիբանանեան մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Շապապ Սահել - Նըժմէ բանակցութիւնները դրական արդիւնքի չեն հասած: Սահելի նախագահ Սամիր Տըպուք յայտնեց, որ ձախողած են մարզիկներ ձեռք ձգելու գծով Նըժմէի հետ վարուած բանակցութիւնները` նկատի ունենալով, որ վերջինս Սահելին ուզած է ծախել այն մարզիկները, որոնց ակումբը կարիք չունէր:

«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ – Մակեդոնիա Երթի Մրցումին Տոմսերը` Անվճար

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակակիր Ալաշկերտ - Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Ալաշկերտ - Մակեդոնիա մրցումին տոմսերը անվճար են: Ակումբը իր համակիրներուն կոչ ուղղեց ուղղուիլ Ալաշկերտի գրասենեակը եւ անմիջապէս ձեռք ձգելու իրենց տոմսերը: Երթի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 յուլիսին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիայի...

Արթուր Եդիգարեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Սերպիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արթուր Եդիգարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սերպիոյ մէջ: 32 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նովի Սատ քաղաքի Փրոլեթեր խումբին հետ: 20 յուլիսին Սերպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Ա. դասակարգ) Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Փրոլեթեր հիւրը պիտի ըլլայ Ռատնիչքիի: Եդիգարեան նախորդ յունիսին հեռացաւ Երեւան Ալաշկերտէն:

42 Դիմում Կատարողներէն 28-ը Ստացան Մարզիչի Գ. Դասակարգի Արտօնագիր

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 42 դիմում կատարողներէն 28-ը ստացան մարզիչի Գ. կարգի արտօնագիր: 42-էն 28-ն իգական սեռէն էին: Իսկ ձախողները անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենան քննութիւնները կրկնելու:  

«Քոփա Ամերիքա». Փերու – Պրազիլ Աւարտական

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները: Շաբաթ, 6 յուլիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) «Արենա Քորինթիանս»-ի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ կը մրցին Արժանթին եւ Չիլի` 3-րդ դիրքի մրցումին: Իսկ կիրակի, 7 յուլիսին, ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ռիոյի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման կու գան Պրազիլ...

Ֆրանք Լամփար Նշանակուեցաւ Չելսիի Մարզիչ

Անգլիացի անցեալի ֆութպոլիստ` Ֆրանք Լամփար երէկ նշանակուեցաւ Չելսիի խումբի գլխաւոր մարզիչ: 41 տարեկան Լամփար, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ, փոխարինեց իտալացի Մաուրիցիօ Սարրին, որ ստանձնեց Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: «Տը թայմզ» հաղորդեց, որ ան տարեկան պիտի ստանայ 4,5 միլիոն եւրօ: Ան 2001-2014 ժամանակամիջոցին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Չելսիին:

Մարսելօ Կ՛ուզէ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որոշեց փոխել իր ակումբը: Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ 31 տարեկան Մարսելօ իր ակումբին ղեկավարութենէն խնդրած է արգելք չհանդիսանալ կամ չխանգարել այլ կազմի մը իր փոխանցումը: Նշուեցաւ, որ Մարսելոյով հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն, Արսենալ, Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան: Արքայական ակումբին հետ Մարսելոնայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Ան 2007-ին միացաւ Ռէալ...

Մեծ Եւ Կարեւոր Նուաճում Մը` ՀՄԸՄ-ի Ընտանիքին Եւ Լիբանանահայութեան Համար.  Վահագն Զարմէնեան 15 Օրուան Յատուկ Բանակումի Մը Համար Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Մեծ Եւ Կարեւոր Նուաճում Մը` ՀՄԸՄ-ի Ընտանիքին Եւ Լիբանանահայութեան Համար. Վահագն Զարմէնեան 15 Օրուան Յատուկ Բանակումի Մը Համար Մեկնեցաւ Փորթուգալ

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն փորթուգալեան Փորթօ քաղաքը մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մաս կազմող, ապագայ խոստացող փոքրիկն Վահագն Զարմէնեան: Վստահաբար շատերը տեղեակ չեն ՀՄԸՄ-ի փոքրիկ ֆութպոլիստին եւ ոչ ալ անոր մեկնումին մասին: «Պի. Սփորթց» ակադեմիան, որ կը գտնուի Փորթոյի մէջ (Փարտեսի շրջան), միջազգային հանրածանօթ ակադեմիա մըն է, փոքրիկ տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ կը հաւաքէ աշխարհի տարածքէն եւ զանոնք մարզելով կը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հասան Մաաթուք Ստորագրեց Անսարի Տոմարներուն Վրայ

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Նըժմէի նախկին ֆութպոլիստ Հասան Մաաթուք երէկ ստորագրեց Անսարի տոմարներուն վրայ` ներկայութեամբ Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրի: Ան ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 900 հազար ամերիկեան տոլարի: Իւրաքանչիւր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան ան պիտի գանձէ 150 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ մնացեալ 150 հազարը ան մինչեւ իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտը պիտի ստանայ ամսական դրութեամբ: Եթէ պատահի, որ Անսար տիրանայ...

Page 685 of 1279 1 … 684 685 686 … 1,279

Արխիւներ