– Ներքին Ապահովութեան
Ուժերու Խումբը` Առաջին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի, Սանտայի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 60 մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Ռըսոլ Ճիւնի, Ներքին ապահովութեան ուժեր, Շաոլին-Պէյրութ, Շեպիպէ Շիահ, Սանթրալ Ճիւնի, Անթունիէ Պաապտա եւ Պել Հորիզոն-Ատմա:
Մրցումներու իրաւարարներուն կարգին էր միջազգային իրաւարար Րաֆֆի Սարգիսեան:
Առաջին դիրքը գրաւեցին Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք ապահովեցին 43 կէտ եւ շատ չնչին տարբերութեամբ գերազանցեցին Շեպիպէն, որ 41 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Երրորդ դիրքը գրաւեց Պել Հորիզոն (10 կէտ):
Աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Վարուժան Քէշիշեանը, որ 2018-2019 տարեշրջանին ֆետերասիոնին կազմակերպած բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն մէջ ունեցաւ իր գործօն մասնակցութիւնը: