Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Նախապատրաստական Փորձերուն
Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախապատրաստական փորձերը, որոնց ընթացքին Լիբանանի նոր մարզիչը` ռումանացի Լեվիօ Չիոփոթարիօ, իր օգնականին` Ժամալ Թահայի հետ պիտի ընտրէ խումբին նոր կազմը:
Առաջին փորձերուն մասնակցեցան քսան մարզիկներ, որոնց աւելի ուշ պիտի միանան ուրիշներ ալ` անոնցմէ լաւագոյնները ընտրելու համար:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Share This Article
CATEGORIES Մարզական