Մարսելօ Կ՛ուզէ Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն
Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որոշեց փոխել իր ակումբը:
Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ 31 տարեկան Մարսելօ իր ակումբին ղեկավարութենէն խնդրած է արգելք չհանդիսանալ կամ չխանգարել այլ կազմի մը իր փոխանցումը:
Նշուեցաւ, որ Մարսելոյով հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն, Արսենալ, Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան:
Արքայական ակումբին հետ Մարսելոնայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Ան 2007-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին:
Ըստ սպանական մամուլին, անոր փոխանցումը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական