Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները:
Շաբաթ, 6 յուլիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) «Արենա Քորինթիանս»-ի մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ կը մրցին Արժանթին եւ Չիլի` 3-րդ դիրքի մրցումին:
Իսկ կիրակի, 7 յուլիսին, ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ռիոյի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ յանդիման կու գան Պրազիլ եւ Փերու` աւարտական ճակատումին:
Երէկ Փերու ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Չիլիի դէմ:
Փերու 44 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտականին: