Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Եուվենթուս, անոր հետ ստորագրելով մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը:
41 տարեկան բերդապահը, որ նախորդ տարեշրջանին մաս կազմեց Փարիզ Սեն Ժերմենին, յաջող քննութիւն կատարելէ ետք ստորագրեց ակումբին տոմարներուն վրայ:
Սակայն ան հրաժարեցաւ ստանձնել խմբապետի պաշտօնը: Մինչեւ 2018 ան կը կատարէր այդ պաշտօնը:
Ան փոխեց նաեւ իր շապիկին թիւը: Փոխան թիւ 1 մարզաշապիկին, ան պիտի կրէ 77 թիւը կրող մարզաշապիկը:
Ան Եուվէի հետ ելոյթ ունեցած է 2001-էն 2018: Ան խումբին հետ 656 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացած է 518 կոլ: