Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, «Պլեք իկըլ» ակումբը կատարեց «Թեքուանտօ լենտ-2019»-ը իր կեդրոնին` Ֆրեր Ժըմէյզէ վարժարանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէի:
Այս նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան ակումբին տարբեր մասնաճիւղերէն աւելի քան երեք հարիւր երկսեռ աշակերտներ, որոնք ունին տարբեր գոյնի գօտիներ:
Նախքան այս նախաձեռնութեան սկսիլը, Զարիֆէ գնահատեց ակումբի նախագահ, մարզիչներու յանձնախումբի նախագահ, կրանտմասթըր Ալեն Նաժըմը, որ մեծ աշխատանք կը տանի այս ակումբին դերակատարութիւնը բարձրացնելու առումով, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ աշակերտներուն սորվեցնելու թեքուանտոյի մարզաձեւը:
Իր խօսքին աւատրին, Զարիֆէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Նաժըմին` առ ի քաջալերանք անոր կատարած տքնաջան աշխատանքին:
Աւարտին «Թեքուանտօ լենտ-2019»-ի նախաձեռնութեան մասնակցող աշակերտները իրենց վկայագիրները ստացան Զարիֆէէն եւ Նաժըմէն: