Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Նըժմէի խմբապետ Հասան Մաաթուք միացաւ Անսարին:
Այս քայլին ի պատասխան, երէկ Նըժմէ յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Անսարի խմբապետ Մուհթազ Ժընիտին:
Այնպէս կը թուի, որ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` գործող ախոյեան Ահտի, Նըժմէի եւ Անսարի միջեւ: