Անգլիացի անցեալի ֆութպոլիստ` Ֆրանք Լամփար երէկ նշանակուեցաւ Չելսիի խումբի գլխաւոր մարզիչ:
41 տարեկան Լամփար, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ, փոխարինեց իտալացի Մաուրիցիօ Սարրին, որ ստանձնեց Եուվենթուսի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
«Տը թայմզ» հաղորդեց, որ ան տարեկան պիտի ստանայ 4,5 միլիոն եւրօ:
Ան 2001-2014 ժամանակամիջոցին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Չելսիին: