«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – «Ա. Ի. Ք.»
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2019-2020 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 յուլիսին Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա կը հիւրընկալէ շուէտական «Ա. Ի. Ք.» խումբը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ: Անիկա Հայաստանի ախոյեանին համար պիտի ըլլայ միջազգային առաջին փորձառութիւնը: Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Վարդան Մինասեան,...




