Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արթուր Եդիգարեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սերպիոյ մէջ:
32 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նովի Սատ քաղաքի Փրոլեթեր խումբին հետ:
20 յուլիսին Սերպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Ա. դասակարգ) Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Փրոլեթեր հիւրը պիտի ըլլայ Ռատնիչքիի:
Եդիգարեան նախորդ յունիսին հեռացաւ Երեւան Ալաշկերտէն: