Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Արժեն Ռոպեն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու, որոնց կարգին` Կրոնինկըն, ՓՍՎ Այնտհովըն, Պայէրն Միւնիխ, Ռէալ Մատրիտ, Չելսի:
Ան նաեւ տիրացած է 29 տիտղոսի` տարբեր ակումբներու հետ: