Ինչպէս ծանօթ է, Ասիոյ լեռնային («Մաութըն-պայք») հեծելարշաւի 25-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25-28 յուլիսին Քֆարզըպիանի շրջանին մէջ (Քեսրուան) հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին: Այս ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնն է «Սքոթ»-ը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 16 երկիրները.
Ճափոն, Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Մալեզիա, Թայլանտ, Թայփէ, Ղազախստան, Հնդկաստան, Օման, Քաթար, Վիեթնամ, Ֆիլիփեան կղզիներ, Հոնկ Քոնկ, Իրան, Սինկափուր եւ Լիբանան:
Այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ հեծելանւորդները պիտի ապահովեն Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք ամառնային ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսերը:
Տեղի պիտի ունենան 23 տարեկանէն վար (տղաք եւ աղջիկներ), 17-18 տարեկան (երկսեռ), ինչպէս նաեւ խմբային մրցում (5 անձեր):
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելու նպատակով, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 11 յուլիսին, «Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը: