Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Նըժմէի նախկին ֆութպոլիստ Հասան Մաաթուք երէկ ստորագրեց Անսարի տոմարներուն վրայ` ներկայութեամբ Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրի:
Ան ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 900 հազար ամերիկեան տոլարի:
Իւրաքանչիւր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան ան պիտի գանձէ 150 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ մնացեալ 150 հազարը ան մինչեւ իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտը պիտի ստանայ ամսական դրութեամբ:
Եթէ պատահի, որ Անսար տիրանայ ախոյեանութեան կամ բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, ան պիտի ստանայ յաւելեալ 25 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը: