«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2019-2020 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 յուլիսին Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա կը հիւրընկալէ շուէտական «Ա. Ի. Ք.» խումբը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ:
Անիկա Հայաստանի ախոյեանին համար պիտի ըլլայ միջազգային առաջին փորձառութիւնը:
Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Վարդան Մինասեան, որ նախապէս եղած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը:



