Նախորդ շաբաթավերջին Լիոնի մէջ (Ֆրանսա) իր աւարտին հասաւ 2019-ի աղջկանց մոնտիալը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` գործող ախոյեան Միացեալ Նահանգներու եւ Հոլանտայի միջեւ:
Միացեալ Նահանգներ տիտղոսը պահեցին իրենց մօտ` արձանագրելէ ետք 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, 2015-ին տիտղոսակիր դարձած Միացեալ Նահանգներ չորրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուցին աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Ամերիկացիներուն կոլերը նշանակեցին Մեկան Ռափինոյ (61-րդ` փենալթիով) եւ Ռոզ Լաւել (69-րդ):
Մրցումին ներկայ էին շուրջ 58 հազար հանդիսատեսներ, որոնց կարգին էին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ աշխարհի ախոյեան, Ֆրանսայի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ:




