«Պի. Ֆի. Էս.» ակումբին մէջ (Պաթրուն) տեղի ունեցած Լիբանանի պիչ-վոլիպոլի տղոց եւ աղջկանց 2019-ի ախոյեանութիւնը շաբաթ, 6 յուլիսին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց զոյգի աւարտականները:

Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Էլի Ապի Շըտիտ – Ճօ Քազզի զոյգը, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց (21-18, 21-15) Նատեր Ֆարես – Շաֆիք Սալիպա զոյգին:
Իսկ աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Միրա Ատրա – Այա Մարիա Մաթար զոյգը, որ 2-0 արդիւնքով (21-11, 21-14) յաղթանակ մը արձանագրեց Զէյնա Ռաուաս Քարամ – Անճելա Սաատ զոյգին դէմ:
Տղոց ախոյեան եւ փոխախոյեան խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ «Նեժի Պիչ»-ի դաշտերուն վրայ (Թրիփոլի), 1-3 օգոստոսին` կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա, շնորհաւորելով մրցանակակիրները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս ախոյեանութեան յաջողութեան մէջ իրենց դերն ու բաժինը ունեցան:


