Պրազիլի` «Քոփա Ամերիքա»-ի տիտղոսակիր դառնալէն ետք, բաժնուած բոլոր մրցանակներն ալ գրեթէ տրուեցան անոր ֆութպոլիստներուն:
Մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ պրազիլցի 36 տարեկան յետսապահ Տենի Ալվես, որ իր կազմին հետ մասնակցեցաւ բոլոր 6 մրցումներուն եւ նշանակեց կոլ մը:
Լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը վիճակուեցաւ անոր խմբակիցին` 26 տարեկան Ալիսոն Պեքերի, որ միայն մէկ կոլ ստացաւ իր բերդին մէջ, այդ ալ` աւարտականի մրցումին եւ փենալթիով:
Իսկ լաւագոյն ռմբաձիգի տիտղոսին տիրացաւ այլ պրազիլցի մը` Էվերթոն, որ նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց մէկ էսիսթ: