«Սքայ Սփորթց» հաղորդեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտ համաձայնութեան եկաւ լոնտոնեան Չելսիի հետ` սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթայի փոխանցման գծով:
Յառաջիկայ տարեշրջանին 26 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ պիտի տրուի Աթլեթիքոյին, իսկ 1 յուլիս 2020-ին ան պաշտօնապէս պիտի դառնայ Աթլեթիքոյի ֆութպոլիստ` ստորագրելով անոր տոմարներուն վրայ:
Անոր փոխանցման համար Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի վճարէ 65 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ան նախորդ յունուարին արդէն իսկ փոխ տրուած էր սպանական ակումբին: