Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան առանց պարտութեան աւարտեց Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցած «Կրան-չես-թուր»-ի ճատրակի Բ. հանգրուանի մրցաշարքը. տասը հաւասարութիւն, մէկ յաղթանակ:
Արոնեան, որ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով մրցեցաւ ամերիկացի Ուեսլի Սոյի հետ, արձանագրեց իր վերջին հաւասարութիւնը (44-րդ շարժումին):
Սօ, ապահովելով 7 կէտ, գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Արոնեան ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ բաժնեց երրորդ դիրքը (6-ական կէտ):
Տիտղոսին տիրացաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որ վերջին հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթելով ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ Լակրաւին, ունեցաւ 8 կէտ:



