Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Եգիպտոսի մէջ, հիւրընկալ երկիրը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Հարաւային Ափրիկէէն (1-16-րդ հանգրուան), դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հենի Ապու Ռիտա, ինչպէս նաեւ թեքնիք այլ պատասխանատուներ հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն:
Իր պաշտօնը կորսնցուց նաեւ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը` մեքսիքացի Խաւիէ Ակիրէ: