Հայկական ճատրակի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ չես թուր» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, երկրորդ անգամ ըլլալով յաղթեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովին:
Կայծակնային ճատրակի առաջին մրցումին, Արոնեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ: Սակայն երկրորդ մրցումին ան սեւ քարերով յաղթեց Մամետեարովին` 82-րդ շարժումին:
Սենթ Լուիսի մրցաշարքը «Կրանտ չես թուր»-ի չորրորդ հանգրուանն է: