Մարզական

Ռիպերի Բանակցութիւններ Կը Կատարէ Ֆիորենթինայի Հետ

Պայէրն Միւնիխի նախկին միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի լուրջ բանակցութիւններ կը կատարէ իտալական Ֆիորենթինա ֆութպոլի ակումբին հետ, կը յայտնէ «Սքայ Սփորթց»: Նախքան այս լուրին հրապարակուիլը, կը խօսուէր, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուա կ՛ուզէ իր կազմին միացնել 36 տարեկան ֆրանսացին:

Եուվենթուսի Մարզիչը Առողջական Խնդիրներ Ունի

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Եուվենթուսի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Սարիի մօտ առողջական խնդիրներ ի յայտ եկած են: Ան խումբին կատարած վերջին քանի մը օրուան փորձերուն չմասնակցեցաւ: Բժշկական քննութիւնները ցոյց տուին, որ 60 տարեկան մարզիչին թոքերը բորբոքած են, եւ ան հոգատարութեան կարիք ունի` լաւապէս ապաքինելու համար: Չելսիի նախկին մարզիչը` իտալացի Սարի, Եուվենթուսի մարզիչի իր պաշտօնը ստանձնած էր նախորդ...

Տիտիէ Տրոկպա` Փղոսկրեայ Ափունքի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագա՞հ

Չելսիի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար ըլլայ իր երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին յաջորդ նախագահը: 41 տարեկան Տրոկպա պատրաստած է դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, կը յայտնէ «Լ՛Էքիփ»:

Պիչ Ֆութպոլ. Շապապ Ժընահ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի պիչ ֆութպոլի 2019 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, երբ «Արենա Վենթուս» մարզահամալիրին մէջ (Ամշիթ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ համակիրներու: Լուսանկարը տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Շապապ Ժընահ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք 6-4 արդիւնքով յաղթելով Ֆ. Ք. Պէյրութին: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մոհամետ Սլէյման (3 կոլ), Հիւսէյն Զէյուն (2 կոլ) եւ...

Կիրակի, 25 Օգոստոսին. Ճատրակի Տարիքային Մրցաշարք` Պեքաայի Շրջանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Արաբական համալսարանի Պեքաայի շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կիրակի, 25 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային միօրեայ մրցաշարք մը, վերոնշեալ ակումբին մէջ, Թաանայելի շրջան: Կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ մրցաշարքը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի, ինչպէս նաեւ...

Փինկ Փոնկ. Տեղի Ունեցաւ Քնաթ Ակումբին 18-րդ Մրցաշարքը

Հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Քնաթ ակումբին, տեղի ունեցաւ Ժոզեֆ Շահինի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի 18-րդ տարիքային մրցաշարքը վերոնշեալ ակումբին մէջ (Պշարրէ)` մասնակցութեամբ աւելի քան եօթանասուն երկսեռ մարզիկներու: Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգի մրցումներ, բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ` ներկայութեամբ մարզիկներուն ծնողներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Պատրաստութիւնները Կը Շարունակուին Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Գծով

Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 30 ու 31 օգոստոսին եւ 1 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս ռելին լաւապէս կազմակերպելու պատրաստութիւնները կը շարունակուին մեծ թափով: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար կազմակերպիչ միութիւնը հինգշաբթի, 22...

Ճատրակ. «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի Մրցաշարք. Արոնեանի Երրորդ Հաւասարութիւնը

Նախորդ շաբաթավերջին Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկիզբ առաւ ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքը: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, իր կատարած առաջին ճակատումին, հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ, երկրորդին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց, այս անգամ` սեւ քարերով, հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ: Այս երկրորդ մրցումը աւարտեցաւ 53-րդ շարժումին` շուրջ 5 ժամ տեւած պայքարէ մը ետք: 2-րդ հանգրուանէն ետք,...

Հայկական Ֆութպոլ. Երեւան – Արարատ Արմենիա Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Դ. հանգրուանի` Երեւան - Արարատ Արմենիա մրցումը յետաձգուեցաւ 7 սեպտեմբերին: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար 25 օգոստոսին: Անիկա յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ախոյեանը` Արարատ Արմենիա, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի մրցումներուն գծով մրցումներ ունի կատարելիք Լիւքսամպուրկի ախոյեան Տիւտելանժի դէմ` 22 եւ...

Թենիս. Ռուս Մետվետեւի «Մասթըրզ»-ի Առաջին Տիտղոսը

Նախորդ շաբաթավերջին Սինսինաթիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտեցաւ թենիսի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքը: Աւարտական մրցումին, ռուս Տանիիլ Մետվետեւ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց պելճիքացի Տաւիտ Կոֆինի դէմ: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 39 վայրկեան: Այսպիսով, Մետվետեւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքի մը տիտղոսակիրը կը դառնայ: Կիսաւարտականին Մետվետեւ յաղթանակ արձանագրեց աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Տիպալայի Համար Կ՛առաջարկէ 80 Միլիոն Եւրօ

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու համար Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան, որուն համար կ՛առաջարկէ 80 միլիոն եւրօ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Եուվենթուս մտադիր է այս փոխանցումը կատարել, որպէսզի ատկէ ստացած գումարով կարենայ իր կազմին միացնել Ինթեր Միլանի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտին: Եուվենթուսի հետ Տիպալայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յունիս 2022-ին:

Էշլի Քոլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ լոնտոնեան երկու կազմերու` Արսենալի եւ Չելսիի նախկին յետսապահ Էշլի Քոլ նախորդ շաբաթավերջին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը կրած է 107 անգամ: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան երեք անգամ դարձած է Անգլիոյ բաժակակիր, մէկ անգամ` Անգլիոյ ախոյեան, իսկ մէկ անգամ ալ`...

Ֆիլիփէ Քութինիօ Մէկ Տարուան Համար Փոխ Տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխին

Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ երէկ ներկայացուց պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփէ Քութինիոն: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մէկ տարուան համար փոխ տրուեցաւ Պարսելոնայէն, իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը: Վերջին տասը տարիներուն այս թիւը կը կրէր հոլանտացի յառաջապահ Արժեն Ռոպեն, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտէն ետք հեռացաւ միւնիխեան ակումբէն: Յունուար 2018-ին փոխան 145 միլիոն եւրոյի Քումինիօ միացաւ Պարսելոնային` քաթալոնական ակումբին հետ...

Չաւիի Առաջին Տիտղոսը` Իբրեւ Մարզիչ

Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Չաւի գլխաւոր մարզիչ դառնալէն ետք տիրացաւ իր առաջին տիտղոսին: Անոր գլխաւորած խումբը` Սատ, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տուխայլիի, դարձաւ Քաթարի ֆութպոլի գերբաժակակիր: Չաւի իր կազմին հետ ցարդ կատարած է երկու մրցում: Քաթարի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 21 օգոստոսին:  

«Լիկ-1». Ախոյեանին Առաջին Պարտութիւնը` Բաժակակիրէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, բաժակակիր Ռենն ստեղծեց տարեշրջանի առաջին անակնկալը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: Ա. կիսախաղը 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Ռենն Բ. կիսախաղին սկիզբը (48-րդ) նշանակեց իր յաղթանակի կոլը: Այսպիսով, Ռենն երկու այլ խումբերու` Լիոնի եւ Նիսի նման ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը: Մոնաքօ, Նիմ եւ Տիժոն...

5244 Մարզիկներ 14 Օր Ապրեցան Անմոռանալի Պահեր.  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերը Յայտարարեց Փակուած

5244 Մարզիկներ 14 Օր Ապրեցան Անմոռանալի Պահեր. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերը Յայտարարեց Փակուած

Շաբաթ, 17 օգոստոսին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մեծ հանդիսութեամբ աւարտեցան համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը: 20-ամեայ խաղերուն փակման հանդիսութեան խօսք առաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խաղերուն իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած բոլոր պետական եւ ոչ պետական կառոյցներուն, մասնակցողներուն, իրաւարարներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն: «Խաղերը հաստատուն կամուրջ դարձան Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ», նշեց Զաքարեան: Ապա ան Հայաստանի փոխվարչապետ...

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Կրտսերներու 3-րդ Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ.  Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան` Տիրանալով 30 Գունաւոր Մետալներու

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Կրտսերներու 3-րդ Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ. Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան` Տիրանալով 30 Գունաւոր Մետալներու

Չորս օրերու վրայ երկարած Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը երէկ` կիրակի, 18 օգոստոսին հասաւ իր աւարտին, երբ Ժամհուրի դաշտին վրայ կատարուեցան վերջին օրուան բաւական հետաքրքրական մրցումները: Հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան, հանդիսացաւ ախոյեան, տիրանալով 30 գունաւոր մետալներու (11 ոսկի, 9 արծաթ եւ 10 պրոնզ): Լիբանանցի մարզիկները մեծապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը: Ախոյեանութեան աւարտին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ շնորհաւորեց...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

Շանթ Խաչատրեան Եւ Սահակ Յովհաննիսեան` Արծաթէ Մետալակիրներ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, երէկ գիշեր յոյսերը մեծ էին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երկուքը կը հանդիսանան աշխարհի ախոյեաններ: Սակայն դժբախտաբար անոնք պարտութիւն կրելով հանդիսացան փոխախոյեաններ: 60 քկ դասակարգին մէջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան աւարտականին 7-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր թուրք մրցակիցէն Քերեմ Քամալէն: Իսկ Շանթ Խաչատրեան...

Կռփամարտ. Գոռ Երիցեանի 11-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ.Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Գոռ Երիցեան, նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր 11-րդ մենամարտը եւ արձանագրեց արհեստավարժ ասպարէզին իր 11-րդ յաղթանակը: Կիսամիջին կարգին մէջ, հայ կռփամարտիկը յաղթեց ամերիկացի Տերիըն Չեփմընին, որ 3-րդ ռաունտին ստացաւ երկու ուժգին հարուած եւ ինկաւ գետին: 5-րդ ռաունտին ամերիկացի կռփամարտիկը հրաժարեցաւ իր այս ճակատումը շարունակելէ:  

Կարէն Գիլոյեան. «Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայերը Ստեղծեցին Միջազգային Լիկա»

Պասքեթպոլի նորաստեղծ Եւրասիական լիկայի նախագահ, Երեւանի Ուրարտու ակումբի նախագահ Կարէն Գիլոյեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերը ստեղծեցին միջազգային լիկա: Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ եւրասիական այս լիկան պետական աջակցութիւն ստանայ, եւ իմանանք, որ լիկային թիկունքին Հայաստանը կանգնած է»: 1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կը սկսի պասքեթպոլի եւրասիական լիկայի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 4 երկիրներու...

Page 666 of 1279 1 … 665 666 667 … 1,279

Արխիւներ