Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ Քոնկ ֆու-ուու շուի տարիքային ախոյեանութեան, Լիբանանի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Չինաստան:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-24 օգոստոսին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին նախագահը` Ժորժ Նըսէյր:
Չինաստան մեկնած լիբանանցի մարզիկներուն շարքին է նաեւ Ճէյսըն Աբիկեան, որ պիտի մասնակցի թաու-լուի մրցումներուն:
Իր ձեռք ձգած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ, Աբիկեան յաջողեցաւ մաս կազմել Լիբանանի ազգային խումբին:
Չինաստանի մէջ Նըսէյր պիտի մասնակցի Ասիոյ ֆետերասիոնի համագումարին, որուն ընթացքին պիտի առաջադրէ Լիբանանի թեկնածութիւնը յառաջիկայ տարուան սեպտեմբերին հիւրընկալելու Ասիոյ 20-րդ ախոյեանութիւնը: