Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, 65 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար գործող ախոյեան Վազգէն Թեւանեան մնաց առանց մետալի` նկատի ունենալով, որ ան պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուրպազ Թալքաթէն (Ղազախստան):
Թեւանեանէն առաջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ նոյնպէս պարտուած էր Վրէժ Գէորգեան (57 քկ):