Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Փիւնիկ Երեւան, չկրցաւ շրջանցել «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի արգելքը, երբ դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ նոյն արդիւնքով (4-0) պարտուեցաւ` այս անգամ Անգլիոյ մէջ, հիւրընկալ խումբէն` Վուլվզէն:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն անգլիական կազմը, Բ. կիսախաղին նշանակեց չորս կոլ, յաջորդաբար` 54-րդ, 58-րդ, 64-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն:



