Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն, ֆութսալի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Երեւանի պետական համալսարանի խումբէն:
Պուրճ Համուտի կազմին միակ կոլը նշանակեց Աւագ Պալապանեան:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան (խմբակներու դրութեամբ վերջին հանգրուան), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը, ուր այսօր` հինգշաբթի, 15 օգոստոսին կը մրցի Վանաձորի խումբին դէմ:
Նշենք, որ այս եւ յաջորդող մրցումները պիտի ըլլան նաք-աութի դրութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 63-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ստեփանակերտէն, սակայն ՀՄԸՄ դուրս չմնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ բացայայտուեցաւ, որ Ստեփանակերտի հետ դաշտ ներկայացած է ռուս մարզիկ մը:
Հետեւաբար, Ստեփանակերտ պարտուած հռչակուեցաւ եւ Պուրճ Համուտ հասաւ քառորդ աւարտական, ուր այսօր կը մրցի Իրանի Ա. խումբին դէմ: