Հինգշաբթի, 15 օգոստոսին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու 3-րդ ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Անիկա կ՛աւարտի կիրակի, 18 օգոստոսին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը նախարար Մահմուտ Քումաթի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Միջազգային եւ Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Տահլան Համատ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ եւ այլ անդամներ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, տարբեր ֆետերասիոններու, միութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ մասնակցող մարզիկներն ու անոնց ծնողները:

Ախոյեանութեան մասնակցող տասը երկիրներուն տողանցքէն ետք, Ռոլան Սաատէ խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր պատուիրակութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ ախոյեանութիւնը կ՛ընթանայ շատ հեզասահ ձեւով` ակնկալուածին նման:
Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ լիբանանցի մարզիկները յաջողին իրենց վրայ դրուած յոյսերը արդարացնել եւ ախոյեանութիւնը աւարտել առաջին դիրքին վրայ:
Ապա նախարար Քումաթի պաշտօնապէս բացոած յայտարարեց այս խաղերը եւ նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն:
Բացման հանդիսութենէն առաջ եւ անկէ ետք տեղի ունեցան շարք մը մրցումներ:
Լիբանան, Սուրիա, Քաթար, Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա տիրացան ոսկի մետալի:
Լիբանանի համար ոսկի մետալ մը ապահովեց Մէյսա Մուաուատ, որ աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումին արձանագրեց 12″ 19 արդիւնք մը:
Առաջին օրը, Սուրիա տիրացաւ երեք ոսկի մետալի:
Ախոյեանութեան երկրորդ օրը, Լիբանան տիրացաւ երեք ոսկի մետալի, շնորհիւ` Հիա Քըպրըսլիի, Փիա Սարգիսի եւ Լէա Տիպի:
Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ վաղը:
PROFOTO