
Ռէալ Մատրիտի նորեկ Էտեն Հազար, որ նախորդ 16 օգոստոսին փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց հանրածանօթ «Մարքա» մարզական օրաթերթը:
28 տարեկան պելճիքացի յառաջապահը այս ամրան ընթացքին, փոխան 100 միլիոն եւրոյի, Չելսիէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ: