Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արմէն Բարսեղեան հանդիսացաւ Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց պատանի ախոյեանին այս նուաճումը` անոր եւ անոր մարզիչին` Վահագն Խաչատրեանին մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց նաեւ Ռոպերթ Փիլիպոսեանը, որ հանդիսացաւ Եւրոպայի 12 տարեկանէն վար ախոյեանութեան փոխախոյեան: Անոր մարզիչն է Զաւէն Անդրէասեան:
Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29 երկսեռ ճատրակ խաղացողներով: