Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ – Արմենիա երէկ երեկոյեան արձանագրեց պատմական յաղթանակ մը, երբ պարտութեան մատնեց Վրաստանի ախոյեան Սապուրթալոն` 2-0 արդիւնքով:
Երթին Արարատ Արմենիա Երեւանի մէջ կրած էր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Երէկուան կոլերը նշանակեցին Անթոն Քոպիալքօ (10-րդ) եւ Տիգրան Աւետիսեան (67-րդ` փենալթիով):
Այսպիսով, Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական ակումբ մը կը մասնակցի փլէյ-օֆի հանգրուանին (Դ. հանգրուան):
Նշենք, որ Արարատ-Արմենիայի այս յաղթանակը երէկ շնորհաւորեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ շատ ուրիշներ: