Հայկական ճատրակի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ եւ կայծակնային ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Արոնեան առաւելագոյն 36 կէտէն ապահովեց 22 կէտ եւ կէս կէտի առաւելութեամբ իր ետին ձգեց Լիրեն Տինկը, (Չինաստան), Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւը (Ֆրանսա) եւ Եանկի Եուն (Չինաստան):
Ամէնէն քիչ կէտը ապահովեց ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովը (12), որ բնականաբար գրաւեց 10-րդ եւ վերջին դիրքը:
Տիտղոսին տիրանալէ բացի, Արոնեան ստացաւ 37.500 ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ` 13 վարկանշային կէտ, իր թափած ճիգին համար:
Այժմ Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 17-29 օգոստոսին Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունենալիք «Սինքուեֆիլտ-քափ» մրցաշարքին, որուն տիտղոսակիրը դարձած էր նախորդ տարի:



