Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի ղեկավարութեամբ, իր առաջին մրցումին յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մրցումին, հայ ֆութպոլիստները, որոնք մրցեցան լիբանանցի իրենց հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեցին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Նարեկ Աղասարեան (67-րդ` փենալթիներով) եւ Ժիրայր Շաղոյեան (69-րդ):
Երկու կազմերը այսօր` ուրբաթ, 23 օգոստոսին, դարձեալ իրարու դէմ կը մրցին: