Ամմանի մէջ (Յորդանան) իր աւարտին հասաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցեցաւ Լիբանան:
Մասնակիցներու կարգին են Սուրիա, Յորդանան, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Օման եւ վստահաբար, հիւրընկալ երկիրը` Յորդանան:
Լիբանանցի մարզիկները թէեւ ոսկի մետալի չկրցան տիրանալ, սակայն իրենց ձեռք ձգած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 3 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալներու:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի փինկի փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Նեժի Հալլալ, իսկ երկսեռ մարզիկներուն մարզիչն էր Ուիսամ Շիրի:



