Մարզական

Թեքուանտօ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց Անուար Ակումբ

Թեքուանտօ. Լիբանանի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց Անուար Ակումբ

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, որ ձեռնարկած է Լիբանանի մէջ գտնուող թեքուանտոյի բոլոր ակումբները այցելել, յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Անուար ակումբ: Ան հրաւէր ուղղեց ակումբին ղեկավարութեան, որ անոր աշակերտները մասնակցին Պէյրութ-2019-ի թեքուանտոյի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 6-8 սեպտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ)` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ միջազգային...

Պասքեթպոլ.  40 Տարեկան Եւ Վեր Տղոց Վեթերաններու Հետաքրքրական Մրցաշարք

Պասքեթպոլ. 40 Տարեկան Եւ Վեր Տղոց Վեթերաններու Հետաքրքրական Մրցաշարք

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ 40 տարեկան եւ վեր վեթերաններու տղոց պասքեթպոլի մրցաշարք մը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ վեց խումբերը. Զուք, Քահրապա, «Էմ.-13», Անուար, Սփաքեթ եւ Շանվիլի Վեթերաններ: Ըստ մրցաշարքի օրէնքին, չորս խումբեր կ՛ապահովեն կիսաւարտականին իրենց տոմսերը: Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Սփաքեթ - Շանվիլի...

Արաբական Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը. Լիբանանի Ախոյեանը Ժետտայի Մէջ Կրեց 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը

Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունեցած Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Լիբանանի ախոյեան Ահտ կրեց 3-0 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը տեղւոյն Իթթիհատ Սէուտիէն, ինչ որ որոշ չափով դժուարացուց, լիբանանեան կազմին Բ. հանգրուան հասնիլը, թէեւ երկու խումբերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ: Հիւրընկալ կազմը իր երեք կոլերը նշանակեց Ա. կիսախաղին:...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Լիբանանի 42-րդ Միջազգային Ռելիին Մամլոյ Ասուլիսը

Ինչպէս ծանօթ է, 30 ու 31 օգոստոսին եւ 1 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Կազմակերպիչ միութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», այս գծով մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացնելու նպատակով այսօր` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը:

Հեծելարշաւ. «ԿԱԿ» Համախմբումին Մասնակցեցան Բազմաթիւ Մարզիկներ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցող «ԿԱԿ» համախմբումին հեծելարշաւի մրցաշարքին մասնակցեցան բազմաթիւ հեծելանւորդներ, որոնք պայքարեցան առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու համար: 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Իպրահիմ Հայտար (Անթունիէ): 19 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ռաֆիք Իտ (Սալաաթա): Իսկ աղջկանց 17-18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Տորոթի Թանիոս («ԿԱԿ»): Այս մրցումները տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի...

Պասքեթպոլ.  Հուփս Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի 23 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Հուփս Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի 23 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած` Լիբանանի 23 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութիւնը երէկ երեկոյեան հասաւ իր աւարտին, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Հուփս Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Անիկա աւարտեցաւ Հուփսի բաւական տպաւորիչ յաղթանակով` 78-59 արդիւնքով (25-12, 42-26, 53-38, 78-59): Հուփսէն Կապրիել Սալիպի նշանակեց 19 կէտ, իսկ Ռիատիէն Եուսեֆ Խայեաթ` 17 կէտ: Հուփս կիսաւարտականին յաղթեց Լիբանանի...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Տիւտելանժ

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա կը հիւրընկալէ Տիւտելանժը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուած են Աւստրիայէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Հերըլտ Լեհներ: Լիւքսամպուրկի ախոյեանին դէմ հայրենի կազմը պիտի...

Պեշիքթաշ Խզեց Օզպիլիսի Պայմանագրութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս այսուհետեւ մրցում պիտի չկատարէ Պեշիքթաշի հետ` նկատի ունենալով, որ թրքական ակումբը իր պայմանագրութիւնը խզեց հայ ֆութպոլիստին հետ: Պայմանագիրը խզելուն համար Պեշիքթաշ Օզպիլիսին պիտի վճարէ, 2,5 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում: Նախապէս Օզպիլիս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ պիտի շարունակէ հանդէս գալ թրքական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ խումբը ունեցած էր...

Քասիաս Յոյս Ունի Մինչեւ Տարեվերջ Վերադառնալու Ֆութպոլի Դաշտերը

Փորթուգալեան Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս չ՛ուզեր աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը եւ յոյս ունի ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու նախքան 2019 տարուան աւարտը, շատ հաւանաբար` դեկտեմբերին: 28 տարեկան սպանացին, որ նախորդ մայիսին սրտի կաթուած ունենալէ ետք վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, ժամանակաւորապէս Փորթոյի թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց: Քասիաս, որ 2015-ին միացաւ Փորթոյին մինչեւ յառաջիկայ տարի պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ:  

Ռիպերի Տեղափոխուեցաւ Ֆիորենթինա

Ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին հեռացաւ Պայէրն Միւնիխէն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ իտալական Ֆիորենթինա ակումբին հետ, որուն հետ ստորագրեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 4 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Նախքան անոր այս փոխանցումը տեղի ունենալը, 36 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած էին Լոքոմոթիւ Մոսկուա, ինչպէս նաեւ` չինական եւ ամերիկեան ակումբներ:  

Նէյմար Կը Մտադրէ Կիպրական Քաղաքացիութիւն Ստանալ

Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար կը մտադրէ բնակարան մը գնել Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ կառուցուող «Տը Այքըն» համալիրէն: Ըստ Կիպրոսի օրէնքին, եթէ անհատ մը իր սեփականութիւնը դարձնէ 2 միլիոն եւրօ եւ աւելի արժող անշարժ գոյք, կրնայ ստանալ կիպրական քաղաքացիութիւն: Ըստ եւրոպական միութեան, եթէ Նէյմար կիպրական քաղաքացիութիւն ստանայ, Պարսելոնա կամ Ռէալ Մատրիտ փոխանցման պարագային (անշուշտ եթէ հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն),...

Լարուած Իրավիճակ Փարիզի Մէջ. Փարիզ Սեն Ժերմենի Ֆութպոլիստները Դժգոհ Են Թուխելէն

Ֆրանսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստներուն եւ խումբի գլխաւոր մարզիչին` Թոմաս Թուխելի մօտ դարձեալ կը տիրէ լարուած մթնոլորտ: Ֆութպոլիստները դժգոհ են իրենց մարզիչին գործելաձեւէն` բողոքելով, որ դաշտին վրայ մարզիկներու ընտրութեան որոշումները սխալ ձեւով տեղի կ՛ունենան: Անոնց կարծիքով, մանաւանդ յարձակողական գիծին վերաբերեալ անոր ընտրութիւնները սխալ ձեւով կը կատարուին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կիրակի, 25 Օգոստոսին` Շապապ Սահել – Անսար Աւարտական

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց կատարուած մրցումներուն վաւերացուած արդիւնքներն ու շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին, կիրակի, 25 օգոստոսին, իրարու դէմ պիտի մրցին Անսար եւ Շապապ Սահել: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ: Կիսաւարտական մրցումներուն Անսար 5-0 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ղազիէին, իսկ Շապապ...

Լողարշաւ. Լիբանան Կը Մասնակցի Կրտսերներու Աշխարհի Ախոյեանութեան

20-25 օգոստոսին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի կ՛ունենայ լողարշաւի կրտսերներու (երկսեռ) աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` վեց երկսեռ մարզիկներով, որոնք պիտի մասնակցին տարբեր դասակարգերու մրցումներուն: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Ապպուտ Իսսա, իսկ մարզիկներուն մարզիչն է Ժորժ Եազպեք:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Նըժմէ Եւ Թրիփոլի Ունեցան Իրենց Նոր Մարզիչները

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ Եւ Թրիփոլի Ունեցան Իրենց Նոր Մարզիչները

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին Ա. դասակարգի երկու խումբեր` Նըժմէ եւ Թրիփոլի, պաշտօնական յայտարարութիւններ հրապարակելով յայտնեցին, որ ունեցան իրենց նոր գլխաւոր մարզիչները: Մոհամետ Ապտել Ազիմ Նըժմէի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ եգիպտացի Մոհամետ Ապտել Ազիմ: Ան եղած է շարք մը ակումբներու մարզիչ եւ պաշտօնավարած Յորդանանի, Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Օմանի մէջ: Ահմետ Հաֆեզ Ինչ կը վերաբերի հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի ֆութպոլի խումբին, անոր...

Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին. Քալելու Մրցում` Լիբանանեան Բանակին Ընկերակցութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, բանակի Արագ միջամտութեան վաշտը կը կազմակերպէ «Կը քալենք յիշելու համար» խորագիրով մրցումը` ահաբեկչութեան դէմ բանակին մղած «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտին արձանագրուած յաղթանակի տարեդարձին առիթով: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Արզէն Միզիարա: Տեղի պիտի ունենան չորս դասակարգի մրցումներ. Տղաք` բանակային, աղջիկներ` բանակային, տղաք` քաղաքային եւ աղջիկներ` քաղաքային: Մրցումին բոլոր մասնակցողները պիտի քալեն Արագ միջամտութեան վաշտին ընկերակցութեամբ,...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան` Երկրորդ. Լիլիթ Մկրտչեան` Երրորդ

Սպանիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ «Փոնթեւետրա օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 85 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 9 կրանտմասթըրներ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը: Իսկ Գերմանիոյ մէջ աւարտած «Տրեստըն օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 64 ճատրակ խաղացողներ: Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով...

Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականի Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ռաֆայէլ Նազարեան: Ան անցեալին եղած է Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ եւ արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներ: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շապիկը կրած է 23 մրցումի ընթացքին (1997-էն 2007) եւ անոր հետ նշանակած կոլ մը: Նշենք, որ անոր գլխաւորած կազմը այսօր` չորեքշաբթի,...

Եւրօ-2020. Հայաստան – Պոսնիա Մրցումը` 8 Սեպտեմբերին

Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Հայաստան - Պոսնիա մրցումը` Ժ. խմբակին մէջ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայաստանի խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Ֆինլանտա, Իտալիա, Յունաստան եւ Լիխթնշթայն: Հայրենի կազմը, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի 6...

Պասքեթպոլ. Հարտեն Անակնկալներ Պատրաստած Է 2019-2020 Տարեշրջանին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ Ճէյմս Հարտեն յայտարարեց, թէ 2019-2020 տարեշրջանին պիտի զարմացնէ բոլորը` իր նոր հնարքներով: Ան ըսաւ, թէ նախապատրաստական փորձերու ընթացքին կ՛աշխատի տարբեր տեսակի անակնկալներ պատրաստել: Ան յայտնեց, որ այժմ այդ ուղղութեամբ յաւելեալ ոչինչ պիտի յայտարարէ, բայց անակնկալները պիտի յայտնուին նոր տարեշրջանին: Ինչ կը վերաբերի Ռասըլ Ուեսթպրուքի Ռոքեթց տեղափոխուելուն, ան նշեց, որ...

Page 665 of 1279 1 … 664 665 666 … 1,279

Արխիւներ