
Փարմա-Եուվենթուս բացման մրցումով շաբաթ, 24 օգոստոսին, սկսաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2019-2020 տարեշրջանը:
Ախոյեան Եուվենթուս նոր տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, երբ նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Ճիորճիօ Քիելլինի նշանակեց Եուվէի եւ մրցումին միակ կոլը (21-րդ):