
Ճափոնական Սական Թոսուի յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես երէկ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ան իր վերջին մրցումին ճակատեցաւ Վիսել Քոպէի դէմ, որ յաղթեց 6-1 արդիւնքով:
Սպանացի յառաջապահին այս վերջին մրցումը եղաւ նշանակալի, որովհետեւ մրցեցաւ ազգային խումբին իր նախկին խմբակիցներուն` Տաւիտ Վիյայի եւ Անտրես Ինիեսթայի դէմ:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան անցեալին մաս կազմած է Աթլեթիքօ Մատրիտի, Չելսիի Լիվըրփուլի եւ Ա. Սէ. Միլանի: