Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի գերմրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի:
Առաջին երեք հանգրուանի մրցումներէն Արոնեան երեք հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք, 4-րդ հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն` 53-րդ շարժումին:
Իսկ 5-րդ հանգրուանին Արոնեան, որ ճակատեցաւ (ճերմակ քարերով) ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարովի հետ, արձանագրեց իր չորրորդ հաւասարութիւնը` 54-րդ շարժումին:
Այժմ Ֆապիանօ Քարուանա եւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ ապահոված են 3-ական կէտ:
Արոնեան ունի 2 կէտ, իսկ Մամետեարով` 2,5 կէտ:
Երէկ` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, հանգիստի օր էր:
Այսօր Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Սերկէյ Քարժաքին: