
Երէկ յետմիջօրէին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին վերաբերող, որ տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, հովանաւորող ընկերութիւններ եւ մարզական լրագրողներ:
Մամլոյ ասուլիսին յայտարարուեցաւ, որ այս 42-րդ ռելին իւրայատուկ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ անիկա կը զուգադիպի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին (1919-2019):
Կազմակերպիչները շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներուն, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն այս ռելիին յաջողութեան համար:
Ռելիին պիտի մասնակցին 27 վարորդներ (իրենց օգնականներով), որոնց կարգին` 14 անգամ այս ռելիին տիրացած լիբանանցի Ռոժէ Ֆըղալի (մրցանիշ հաստատած) եւ քաթարցի Նասեր Աթիէ:


