Երէկ` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի փլէյ-օֆի Դ. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ կատարուեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Իր կարգին, մրցում կատարեց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա, որ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկի ախոյեան եւ բաժակակիր Տիւտելանժը:
Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով:
22-րդ վայրկեանին հոլանտացի յառաջապահ Մայլսոն Լիմա նշանակեց հիւրընկալ կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը:
68-րդ վայրկեանին հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ ռուս ֆութպոլիստ Մարիօ Փոքարի:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+4), էսթոնիացի միջնապահ Իլիա Անթոնով նշանակեց մրցումին երրորդ եւ հայկական կազմին յաղթանակի կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, Լիւքսամպուրկի մէջ: