Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ամբողջացուց մարզիչներու ասիական դասընթացքը, Անսար-Նապաթիէ քաղաքին մէջ:
Անիկա եղաւ Գ. դասակարգի դասընթացք մը:
Բոլոր մասնակցողներն ալ ստացան յատուկ վկայագիրները:
Գիտելիքներու փոխանցման տեսական դասընթացքները տեղի ունեցան Շապապ Ֆինիք սրահին մէջ, մինչ գործնական բաժնի փոխանցումները տրուեցան Անսարի դաշտին վրայ:
Լուսանկարները տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ