Երէկ` Հայաստանի ֆութպոլի Աւանի ակադեմիային մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը, երկրորդ անգամն ըլլալով մրցեցան իրարու դէմ, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:
Նորանշանակ գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի կազմը, որ երկու օր առաջ արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին աւելի մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց 5-0 արդիւնքով:
Ժիրայր Շաղոյեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Միշա Միրզոյեան, Նարեկ Գրիգորեան եւ Պատուական Աւետիսեան:
Մաղթենք, որ Միջազգային մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու ընթացքին եւս հայրենի կազմը արձանագրէ այսպիսի տպաւորիչ յաղթանակներ: