Լիվըրփուլ կ՛ուզէ իր մարզադաշտին` «Էնֆիլտ»-ի թրիպիւնները ընդլայնել, որպէսզի անիկա կարելիութիւնը ունենայ հիւրընկալելու 60 հազար հանդիսատես:
Լիվըրփուլի գործադիր տնօրէն Էնտի Հիուզ ըսաւ, թէ «մարզադաշտին վերանորոգման աշխատանքներուն գծով մենք պէտք եղած դասաւորումներուն վերաբերեալ յարմարութիւնները սերտեցինք պատասխանատուներուն հետ եւ սկսելիք աշխատանքներուն մասին բոլորը տեղեակ կը պահենք մօտիկ ապագային:
Մարզադաշտը այժմ կրնայ հիւրընկալել 54.074 հանդիսատես:



