Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Հեռնանտես-Հեռնանտես:
Ան չորրորդ անգամ ըլլալով պիտի սուլէ «Քլասիքօ»-ի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբերին, «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ: Անիկա յետաձգուած է նախորդ 23 հոկտեմբերէն` Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն պատճառով:
Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոյն այս իրաւարարէն, երկու անգամ կարմիր քարտ ստացած է «Քլասիքօ»-ի երկու մրցումներու ընթացքին (2015-2016 եւ 2016-2017) տարեշրջաններուն:



