Պորուսիա Տորթմունտի Պելճիքայի միջնապահ Աքսել Վիթսել մինչեւ տարեվերջ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Վիթսել իր տան մէջ իյնալով վիրաւորած էր իր դէմքը: Ան յաջող վիրաբուժութեան մը ենթարկուելէ ետք երէկ դուրս եկաւ հիւանդանոցէն: Ան «Պուտըսլիկա»-ի գծով իր կատարած 13 մրցումներուն նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
Մինչեւ տարեվերջ Տորթմունտ 4 մրցում ունի կատարելիք: